2014-10-12 12:47:38

Սուրբ Պետրոսի մէջ` գոհաբանական հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ։


(Ռ.Վ. 12 հոկտեմբեր 2014) Կիրակի, 12 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10.00-ին Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ գոհաբանական հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ, հանդիսապետութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ու ներկայութեամբ Քանատայի եպիսկոպոսաց դասին, գոհութիւն մատուցանելու առ Աստուծոյ՝ Քանատայի մէջ առաջին եպիկսոպոս սուրբ Ֆրանչիկսոս Լավալի, (1623-1708) սրբադասումին առիթով որ տեղի ունեցաւ անցեալ 3 ապրիլին, Ֆրանսական ''Օրսոլինա'' միաբանութեան անդամ սրբուհի Մարիա Տէլ Ինքարնացիոնէի հետ միասին։
Վերոյիշեալ արարողութեան մասնակցեցան Քէպէքէն եւ Ֆրանսայէն ժամանած բազմաթիւ հաւատացեալներ։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ համապատարագեցին Քէպէքի առաջնորդ` Կարտինալ Ժէրարտ Լաքրուա եւ պատուիրակութեան անդամ եպիսկոպոսներն ու քահանաները։
Ֆրանչիսկոս Պապը այս առթիւ, արտասանած քարոզին մէջ մէջբերելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումէն Եսայի մարգարէի ՝՝Աստուած բոլորի երեսից արցունքի ի սպառ պիտի կտրի՝՝ խօսքը՝ (Եսայի 25,8) մատնանշեց, թէ Աստուծոյ լի յոյսերով սոյն խօսքը ցոյց կու տայ ապագան ուր ուղեւորուած ենք, եւ այն ճանապարհը՝ ուրտեղեն սուրբերը անցած են եւ մեզ կ՝առաջնորդեն, աւելցնելով թէ Եսայի մարգարէին խօսքը կը նկարագրէ նաեւ Միսիոնարներուն կոչումը. միսիոնարները այն անձերն են որոնք հլու են Սուրբ Հոգիին եւ քաջութիւնն ունին ապրելու Աւետարանը ըսաւ Ֆրանչիկոս Պապը ուր շարունակեց յարելով ՝՝ անոնք ունկնդրեցին Աւետարանին կոչը ՝՝Գացէք հրապարակ եւ հարսանիքի հրաւիրեցէք ով որ գտնէք՝՝ (Մատթ. 22, 9)՛ միսիոնարները դուրս ելան եւ հրաւիրեցին բոլորը, եւ այս ընելով բարիք ըրին եկեղեցւոյ։
Ակնարկելով ապա Եկեղեցւող մասին Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ ՝՝եթէ եկեղեցին կանգ առնէ եւ ինքն իր մէջ փակուի կը հիւանդանայ։ Եկեղեցւոյ Աւետարանական հիմնական առաքելութիւնն է՝ աւետել Սէրը ,Աստուծոյ ողորմութիւնն ու ներումը, որ մարդոց յայտնուեցաւ՝ Յիսուս Քրիստոսի կեանքով, մահուամբ եւ Փառաւոր Յարութեամբ։
Միսիոնարները ծառայեցին Եկեղեցւոյ, բաշխելով Խօսքին Հացը աշխարհի մէջ փոքրիկներուն , մեծերուն, եւ փոխանցելով բոլորին Փրկչին սիրտէն բխած անսահման Սէրը։ Այսպէս ըրին Սուրբ Ֆրանչիսկոս Լավալ եւ Սուրբուհի Մարիա Ինքարնացիոնէ հաստաեց Սրբազան Հայրը։
Քարոզի աւարտին, Ան Քանատացի հաւատացեալներուն յորդորեց երկու խրատներ. առաջին՝ յիշել իրենց նախահայրերը, որոնք աւետեցին Աստուծոյ խօսքը, որովհետեւ անոնց տիպար կեանքը հրաէր մըն է նմանելու իրենց հաւատքին։
Երկրորդ՝ վերյիշեցէք առաջին օրերը , երբ Քրիստոսի ճրագը ստացաք եւ պայքարեցաք ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ու յանձնարարեց , շարուանկել ճանապարհը որուն աւարտին պիտի վարձատրուին։
Ասիկա է ձեր ուխտագնացութեան ուրախութիւնը , յիշել վկաները, եւ ձեր երկրի Միսիոնարներու ունեցած հաւատքը։
Եսայի Մարգարէին խօսքը արտասանելով՝՝Եկէք ցնծանք եւ ուրախանանք մեր փրկութեամբ (Եսայի 25, 9) Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակեց իր քարոզը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.